24 Օգոստոսին վիճաբանութիւն-ծեծկռտուք տեղի ունեցած է Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ գործող «Շարլոթ Քապարէ» գիշերային ակումբին մէչ: Այս մասին կը յայտնէ Shamshyan.com-ը:
Այդ օրը ժամը 05:50-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի կառավարման կեդրոնը ահազանգ ստացած է, որ նշուած գիշերային ակումբի մօտ խումբ մը անձեր ծեծկռտուքի բռնուած են, եւ կը լսուին հայհոյանքներ:
Ոստիկանները վիճաբանելու, իրար փոխադարձ հարուածներ հասցընելու, հայհոյելու եւ կոպիտ կերպով հասարակական կարգը խախտելու համար ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժին բերման ենթարկած են Երեւան քաղաքի բնակիչներ 24-ամեայ Գուրգէն Գ.-ն, 31-ամեայ Արտաշես Մ.-ն, 39-ամեայ Սպարտակ Ծ.-ի եւ Գորիս քաղաքի բնակիչ 40-ամեայ Ազատ Ա.-ն:
Փաստի առթիւ ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժնի հետաքննչական բաժանմունքէն ներս նիւթեր կը նախապատրաստուին:
Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ բերման ենթարկուածներէն Սպարտակ Ծ.-ն եւ Ազատ Ա.-ն նշուած ակումբի պատասխանատուներն են: