Mintpress.com կայքը կարեւոր բացայայտումներ կ'ընէ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայէպ Էրտողանի որդիին՝ Պիլալ Էրտողանի «Իսլամական պետութեան» հետ ունեցած կապերուն մասին: Կայքը կը գրէ, թէ ISIS-ի տիրապետութեան տակ եղած նաւթը եւրոպական շուկաներ կը հասցուին Պիլալ Էրտողանի վերահսկողութեամբ: Ըստ աղբիւրին, այս մասին տեղեկութիւնները սկսած են ջուրի երես գալ մասնաւորապէս Սուրիոյ վերեւ ռուսական օդանաւի խոցման դէպքէն ասդին: Յաւելեալ մանրամասներ լոյս աշխարհ կու գան բացայայտելով, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ իսլամական պետութիւնը սնուած եւ կենդանի պահուած է Ռէճէփ Թայէփ Էրտողանի եւ անոր թրքական գաղտնի ծառայութեան, այդ շարքին MIT-ին կողմէ: Հոկտեմբերին 2014-ին ԱՄՆ փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Հարվըրտի հաւաքին ըսած է, որ Էրտողանի ռէժիմը կ'աջակցէր ISIS-ին «հարիւր միլիոնաւոր տոլարներով եւ մեծ քանակութեամբ զինամթերքով», սակայն աւելի ուշ մարտավարական նկատառումներէ ելլելով, Պայտըն ներողութիւն խնդրած էր, ստանալու Էրտողանի թոյլտուութիւնը՝ օգտագործելու Թուրքիոյ Ինճիրլիքի խարիսխը եւ ռմբակոծելու ISIS-ի Սուրիոյ մէջ եղող դիրքերը: ISIS-ի զինեալներու վերապատրաստումը, որ կատարուած էր ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ, աւելի ուշ սկսած էր տեղի ունենալ թրքական յատուկ ուժերու գաղտնի ռազմակայաններու մէջ: Ըստ աղբիւրին, այդ զօրակայաններուն մէջ կարեւորագոյն կեդրոնը կը համարուի Սուրիոյ սահմանին գտնուող Քոնիա նահանգը: Այն ժամանակ, երբ Ուաշինկթըն, Սէուտական Արաբիա եւ Քաթարը կը յայտնէին, որ կտրած են իրենց աջակցութիւնը ISIS-ին, Էրտողանի իշխանութիւնը կը շարունակէ զօրակցիլ ահաբեկիչներուն:

Ընտանեկան Պիզնէս
ISIS Իր ֆինանսական պէտքերը հոգալու համար կը գործածէ իրաքեան Մոսուլի նաւթի հանքերը, իսկ Պիլալ Էրտողան այն մարդն է, որ կը կատարէ ISIS-ի կողմէ վերահսկուող նաւթի արտահանումն ու վաճառքը:
Պիլալ Էրտողան սեփականատէր է քանի մը ծովային ընկերութիւններու: Ան պայմանագիր կնքած է եւրոպական ընկերութիւններու հետ, Իրաքի գողցուած նաւթը տարբեր ասիական երկրներ տեղափոխելու համար: Պիլալ Էրտողանի համար կարեւոր «յաճախորդ» է թրքական կառավարութիւնը, որ իր միջոցաւ կը գնէ Իրաքի թալանուած նաւթը: Պիլալ Էրտողանի ծովային ընկերութիւնները յատուկ նաւամատոյցներ ունին Պէյրութի եւ Ճէյհանի նաւահանգիստներուն մէջ, որոնք կը տեղափոխեն ISIS-ի փախցուցած նաւթը Ճափոնական քարիւղատար շոգենաւերով:
(Շարունակութիւնը յաջորդիւ)