image

Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին պիտի չփակուի

Տիգրանակերտի Սուրբ  Կիրակոս  Եկեղեցին  պիտի չփակուի

Թուրքիոյ  «Քաղաքաշինութեան եւ շրջակայ  միջավայրի պահպանութեան» նախարարութիւնը բացատրութիւն տուած է HDP  կուսակցութեան    եւ    երկրի խորհրդարանի  հայ անդամ Կարօ Փայլանի հարցումին՝  Տիգրանակերտի (Տիարպէքիր) Սուր թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցիներու   յետագայ տնօրինման եւ  ճակատագրին վերաբերեալ:  Նշենք, որ 25  մարտի 2016-ին  Տիգրանակերտի Սուր թաղամասին մէջ տեղի ունեցած բախումներու հետեւանքով վնաս կրած էր նաեւ  Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին: Պետական մարմինները որոշում կայացուցած  էին եկեղեցին  եւ անոր տարածքը պետականացնելու  վերաբերեալ: Ի պատասխան Կարօ Փայլանի հարցադրման,նախարարութիւնը նշած է, թէ եկեղեցին չպէտք է   ծառայէ  այլ նպատակի  եւ   վերանորոգումէն ետք դարձեալ  պիտի բացուին անոր  դռները :  Տրուած  պատասխանին մէջ  նաեւ կը նշուի, որ  եկեղեցւոյ պետականացումը չենթադրեր,որ եկեղեցիները պէտք է  փակուին եւ խօսք չի կրնար ըլլալ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին:

Լուրի աղբիւր ՝ «Ակօս»