image

Տիարպէքիրի Սուր թաղամասի քաղաքացիներուն կը ստիպեն հեռանալ

Տիարպէքիրի Սուր թաղամասի քաղաքացիներուն կը ստիպեն հեռանալ

Թուրքիոյ Տիարպէքիրի Սուր շրջանի տարբեր թաղամասերուն մէջ կը շարունակուին իշխանութիւններու կողմէ  հողաբարձ մեքենաներու կիրառմամբ բնակարաններու աւերումները: Ալիփաշա, Լալէպէյ, Զիա Կիոքալփ, Իսքէնտէրփաշա թաղամասերու բնակիչներուն նահանգապետարանի կողմէ՝ իրենց տուները լքելու կոչ յղուած է, tert.am-ի հաղորդմամաբ, կը գրէ demokrathaber.org կայքը: 


Աղբիւրը համաձայն, կոչի մէջ նշուած է, որ շրջանի բնակելի տարածքները պիտի պետականացուին:

Նշենք, որ Սուրի աղէտի պատճառով աւերածութեան ենթարկուած է շուրջ 29.000 թաղամաս: