image

Թուսք հիացած է Սեւանով

Թուսք հիացած է Սեւանով

ԵՄ խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք Հայաստան այցէն ետք ֆէյսպուքի մէջ գրած է իր տպաւորութիւններուն մասին՝ եւ փոխած իր էջի գլխաւոր նկարը` Նորատուսի խաչքարերու համալիրի լուսանկարով։ Տանըլտ Թուսք նշած է, որ Հայաստանը եւրոպական ընտանիքին եւ մշակոյթի անբաժանելի մասն է:

«Անկեղծ մարդոց վայր, ուր ազատութիւնը արժէք է: Սեւանավանքը յուշարձան է, որ կը փաստէ Հայաստանի հազարամեայ ազդեցութիւնը եւրոպական մշակոյթին վրայ»,- գրած է ան:

Ան նաեւ լուսանկարներ հրապարակած է Սեւանավանք եւ Նորատուս կատարած իր այցէն, ինչպէս նաեւ Երեւանի կեդրոնը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ զբօսնելու ժամանակ: