image

Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւնները կը վտանգեն ժողովրդավարութիւնը.Human Rights Watch

Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւնները կը վտանգեն ժողովրդավարութիւնը.Human Rights Watch

Human Rights Watch միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը, որու գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Նիւ Եորք մէջ, ծանօթանալով Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս քննարկուող եւ առաջին ընթերցմամբ ընդունուած սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծին, նշած է, որ այն լրջօրէն կը վտանգէ երկրի ժողովրդավարութիւնը: Այս մասին կը գրէ tert.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական demokrathaber.org կայքի յայտարարութիւնը: 

Կազմակերպութիւնը ընդգծած է, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէ իրականացնելը ճիշդ չէ, երբ երկրի մէջ առկայ է ակնյայտ ճնշում՝ ազատ մամուլի նկատմամբ եւ կը բացակայի առողջ բանավէճը: