image

Թուրքիոյ նեցուկը վայելող ուժերը գրաւած են Տապէք աւանը

Թուրքիոյ նեցուկը վայելող ուժերը գրաւած են Տապէք աւանը

Թուրքիոյ անմիջական նեցուկը վայելող ընդդիմադիր ուժեր յաջողած են, իրենց տիրապետութեան տակ առնել Տապէք աւանը: Տահէշի տիրապետուլեան տակ եղող Տապէքը կը գտնուի Սուրիա- Թուրքիա սահմանային գօտիին վրայ եւ Հալէպի հիւսիս- արեւելեան հատուածին մէջ: Ըստ «Սուրիոյ դիտարան» ընդդիմադիր կայքին շրջանին վրայ իրենց տիրապետութիւնը տարածած են Սուրիոյ «ազատ բանակ»ի ջոկատները, որոնք ուղղակիօրէն կը հովանաւորուին Անգարայէն: Իր կարգին Պէյրութի «Ալ Ժատիտ» կայանը նկատել տուաւ, որ նախքան այդ ուժերուն «Տապէք»ը գրաւելու Թուրքիոյ նախագահ ՝ Էրտողան այս մասին յայտարարութիւններ ընելով ըսած էր, է «Ազատ բանակ»ի քայլերը կապ ունին Թուրքիոյ շղթայազերծած «եփրատի վահան» գործողութեան հետ: Նշենք, որ աւելի վաղ Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մէւլուտ Չաւուշօղլուի բաւական անսպասելի յայտատարութեամբ մը, կոչ ըրած էր «Ալ Նըսրա»ի զինեալներուն անմիջապէս հեռանալ Հալէպի ծայրամասերէն: