Թուրքիոյ զարգացումներուն հետեւող լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, անցնող ժամերուն տասնեակ լրագրողներ ձերբակալուած են: Նախնական տուեալներով ձերբակալուած լրագրողներուն թիւը կը հասնի 42-ի: Կը նշուի նաեւ, որ 15 յուլիսին երկրին մէջ եղած զինուորական յեղաշրջման փորձէն ասդին ձերբակալուածներուն ընդհանուր թիւը կը գնահատուի 13.000-ով : Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան երկրին մէջ 3 ամսուան «պարէտային ժամ»ի դրութիւն հաստատած է: