Թուրքիոյ խորհրդարանի սահմանադրական յանձնաժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփը մանրամասներ ներկայացուցած է մահապատիժի մասին հնարաւոր իրաւական փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնէ թրքական իշխանամէտ «Sabah» թերթը: Շենթոփը նշած է, որ իրաւական կարգաւորումներ ընելու պարագային, մահապատիժը կրնայ տարածուիլ նաեւ իսլամի յայտնի քարոզիչ, ամերիկաբնակ թուրք միլիառատէր Ֆեթհուլլա Կիւլէնի եւ «Քիւրտիստանի բանւորական կուսակցութեան» (PKK) հիմնադիր եւ առաջնորդ, Իմրալը կղզիի մէջ այժմ ցմահ բանտարկեալ Ապտուլլա Օճալանի վրայ: