image

Թուրքիոյ մէջ Կիւլէնի եղբայրներէն մէկը ձերբակալուած է

Թուրքիոյ մէջ Կիւլէնի եղբայրներէն մէկը ձերբակալուած է

Թուրքիա-(«Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է ԱՄՆ բնակող, Անգարայի մէջ ձախող յեղաշրջման փորձի ղեկավարման մեղադրանքով ամբաստանեալ ընդդիմադիր Ֆաթհիւլլա Կիւլէնի եղբայրներէն մէկը: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Անատոլու» պաշտօնական լրատուական գործակալութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ Անվտանգութեան տնօրէնութեան հակաահաբեկչութեան բաժանումը Իզմիրի մէջ ներխուժած է Կիւլէնի եղբօր՝ Քաթպ Ալ-Տին Կիւլէնի տունը եւ ձերբակալած վերջինս՝ հարցաքննութեան նպատակով: Կը նշուի նաեւ, որ անոր դէմ «զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման անդամ ըլլալու» մեղադրանք յարուցուած է եւ յեղաշրջման փորձի օրը իր հասցէին ձերբակալման հրամանի հրապարակումէն անմիջապէս ետք Քաթպ Ալ-Տին անհետացեր էր:

Սա առաջին դէպքը չէ, ուր Կիւլէնի եղբայրներէն մէկը կը ձերբակալուի. իշխանութիւնները նախապէս ձերբակալած էին անոր զարմիկը՝ Մուհամետ Սիթ Կիւլէնը, Էրզրումի մէջ, որ կը համարուի Կիւլէնիսթներու ամրոց, ինչպէս նաեւ անոր մէկ այլ ազգականը, որ կը կոչուի Ահմատ Ռամէզ Կիւլէն, Այնթապի մէջ, Թուրքիոյ  հարաւ-արեւելեան շրջանը:

Լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Կիւլէն հինգ եղբայրներ ունի, որոնք են՝ Սայֆուլլահ, Հասպի (մահացած), Մասիհ, Սալէհ եւ Քաթպ Ալ-Տին, ինչպէս նաեւ երկու քոյրեր՝  Նուրհայաթ եւ Ֆատլաթ: