image

Թուրքիոյ մէջ եղածը «շինծու յեղաշրջում» էր. Կ'ըսեն Բրիտանական գաղտնի սպասարկութիւնները

Թուրքիոյ  մէջ եղածը «շինծու յեղաշրջում» էր. Կ'ըսեն Բրիտանական  գաղտնի  սպասարկութիւնները

Թրքական «Զաման արապի» թերթը կը հաղորդէ, որ Մեծն Բրիտանիոյ հետախուզական  մարմինները   գաղտնագրուած  հեռախօսային եւ նամակագրական խօսակցութիւններ ստացած են, որոնք պատկանած են Թուրքիոյ կառավարութեան պատասխանատուներուն՝ ձախող յեղաշրջումը կատարուած ժամանակ:Մեծն Բրիտանիոյ հետախուզական մարմինը յայտնած է, որ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ծրագրած են այս կեղծ յեղաշրջումի փորձը, զայն  վերագրելով   ծառայողական շարժումին, որպէսզի պատրուակ ունենան լայնածաւալ «մաքրազերծում»  կատարել պետական կառոյցներէն ներս, թիրախ  ունենալով ՝ պետութեան դէմ յեղաշրջում իրականացնելու  համակիր կողմերը:

Գերմանական «Focus» ամսագիրը իր հերթին նշած է, որ Մեծն Բրիտանիոյ հետախուզական մարմինը  հետեւած է Թուրքիոյ կառավարութեան  գաղտնագրուած զանգերուն՝ յեղաշրջումի փորձի եւ  ԱՄՆ ապրող  թուրք ընդդիմադիր Ֆէթհիւլլա Կիւլէնը  իրենց յանձնելու պահանջքի սկիզբէն իսկ, որուն նպատակն էր մաքրագործում գործադրել    Էրտողանի  դէմ եղող զինուրական շրջանակներուն    մէջ:

Թերթը լուրը հրապարակած է հետեւեալ խորագրով՝  «Բրիտանական հետախուզութիւնը կը   դիմազերծէ  Էրտողանը,   շինծու յեղաշրջում  իրականցնելու  յանցագործութեան մէջ »: