image

Թուրքիոյ մէջ Արտակարգ դրութեան հետեւանքները

Թուրքիոյ մէջ Արտակարգ դրութեան հետեւանքները

Տակաւին երկու օր առաջ Թուրքոյ մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելէ ետք շարք մը միջոցառումներ ձեռնարկուած են: Արտակարգ դրութեան պայմաններուն չենթարկուող անձերու յամար այսօր դրամական պատժամիջոցները յայտնի դարձած են: Մասնաւորապէս  հետեւալ իրավիճակներու յամար սահմանուած են համապատասխան դրամական տուգանքներ.

-Անձնագիրը մշտապէս քովը չկրելու յամար 219 թրքական լիրա (70 ԱՄՆ տոլար)

-Սեփական անձը չյայտնելու յամար 105 թրքական լիրա (35 ԱՄՆ տոլար)

- Անձը, տունը կամ ինքնաշարժը խուզարկել չձգելու եւ ընդդիմանալու համար 219 թրքական լիրա (70 ԱՄՆ տոլար)

-Խօսքով, գրութեամբ, պատկերներով, ֆիլմերով, ձայնային եւ տեսաժապաւէններով հեռարձակում մինչեւ 6.732 թրքական լիրա (2200 ԱՄՆ տոլար)

-Բոլոր տեսակի թատերական ներկայացումներ եւ բեմադրութիւններ մինչեւ 6.732 թրքական լիրա (2200 ԱՄՆ տոլար)

-Բոլոր տեսակի զէնքերու եւ փամփուշտներու կրումը եւ փոխադրումը 105 թրքական լիրա (35 ԱՄՆ տոլար), հակառակ ունեցած փաստաթուղթերուն

-Գոց կամ բաց տարածքներուն մէջ ժողովներու, ցոյցերու եւ քայլերթերու կազմակերպում մինչեւ 6.732 թրքական լիրա (2200 ԱՄՆ տոլար):

 

Ասկէ զատ Արտակարգ դրութեան վերահսկող մարմիններուն իրաւունք վերապահուած է նաեւ անհրաժեշտութեան պարագային, ընգծուած խախտումներու ժամանակ մէկ ամսէն մինչեւ վեց ամիս բանտարկութեան ենթարկել արտակարգ դրութեան պայմանները կոպտօրէն ոտնահարողներուն: