Թուրքիան կ'ուզէ յառաջիկայ տարիներուն ելեկտրաուժանիւթի արտադրութեան մէջ աթոմային ուժանիւթի մասնաբաժինը հասցնել 10 տոկոսի: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող 23-րդ Համաշխարհային ուժանիւթի քոնկրէսին: Այս մասին կը գրէ թրքական «Hurriyet» թերթը, նշելով, որ Էրտողան ելոյթի ժամանակ ներկայացուցած է աթոմային ուժանիւթի զարգացման ուղղութեամբ Թուրքիոյ մէջ իրականացուող ծրագիրները: Էրտողանը խօսած է աթոմակայան կառուցելու 3 նախագծերու մասին, որոնցմէ 2-ի շուրջ արդէն ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն: Առաջինը Աքքույու աթոմակայանն է, որու կառուցման համար 2010 թուականին Ռուսաստանի հետ միջկառավարական պայմանագիր կնքուած էր, 2-րդ աթոմակայանի համար, որ կառուցուած է Սեւ ծովու շրջանը, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Ճափոնի հետ:
«Այժմ 3-րդ աթոմականայնի նախագիծը կեանքի կոչելու համար փնտրտուքներու մէջ ենք: Մեր նպատակն է յառաջիկայ տարիներուն ելեկտրաուժանիւթի արտադրութեան մէջ աթոմային ուժանիւթի մասնաբաժինը հասցնել 10 տոկոսի»,- նշած է Էրտողան:
Ան անդրադարձած է նաեւ ուժանիւթի այլ աղբիւրներուն՝ նշելով, որ Թուրքիան վերականգնուող ուժանիւթի տեսանկիւնէն բարենպաստ դիրքի վրայ կը գտնուի: Թուրքիան կ'աշխատի, որ արեւէն, քամիյէն ստացուած ուժանիւթի մասնաբաժինը հասցնէ 30 տոկոսի: