Պոլսոյ դատարանի 10-րդ ատեանը դատական հայցեր ներկայացուցած է փաստաբանուհի, քրտական «Էօզկիւր Կիւնտէմ» օրաթերթի աշխատակից Էրէն Քէսքինի դէմ, որ միանգամայն Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան վարչութեան անդամ է: Դատերէն մէկը կը վերաբերի ահաբեկչութեան ի նպաստ քարոզչութեան՝ թիւ 3713 յօդուածին հիման վրայ, ուրիշ մը՝ թրքական ինքնութեան անուանարկութեան նշանաւոր թիւ 301 յօդուածին հիման վրայ: Եւրոպայի մէջ գործող մէկէ աւելի մարմիններ յայտատարութիւններ հրապարակած են՝ դատապարտելու համար Քէսքինի դէմ գործի դրուած հալածանքները: Կը հաղորդուի նաեւ, որ անցնող օրերուն իշխանութիւնները առգրաւած են Քէսքինի անցագիրը եւ արգելքներ դրած անոր ճամբորդելու իրաւունքին դէմ: