image

Թուրքիան Կիւլէնի արտայանձման հարցով նոր փաստաթուղթեր ուղարկած է ԱՄՆ

Թուրքիան Կիւլէնի արտայանձման հարցով նոր փաստաթուղթեր ուղարկած է ԱՄՆ

Տանըլտ Թրամբի նախագահ դառնալէն ետք, Թուրքիան լրացուցիչ փաստաթուղթերու փաթեթ ներկայացուցած է ԱՄՆ-ի արդարադատութեան նախարարութիւն, ամերիկաբնակ միլիառատէր, իսլամի քարոզիչ Ֆէթհուլլա Կիւլէնին արտայանձնելու համար:

Կը նշուի, որ ուղարկուած փաթեթին մէջ տեղ գտած են այնպիսի փաստաթուղթեր, որոնք կ'ապացուցեն Կիւլէնի մեղաւորութիւնը 15 յուլիսին տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձին մէջ: Մասնաւորապէս, տեղեկատուութիւն ներկայացուած է Թուրքիոյ Սաքարիայի համալսարանի դասախօս Ատիլ Օքսուզի տեղաշարժերու մասին, որ, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համաձայն, կը համակարգէր Կիւլէնի կողմնակիցներու գործողութիւնները:

Օքսուզը Ներկայիս կը գտնուի հետախուզման մէջ: Ուշադրութիւն կը դարձուի այն փաստի վրայ, որ յուլիսի 12-ին, յեղաշրջման փորձէն 3 օր առաջ,  Օքսուզ ԱՄՆ այցելած էր :