image

Թուրքիան իր մօտ կանչած է Վիէննայի իր դեսպանը

Թուրքիան իր մօտ կանչած է Վիէննայի իր դեսպանը

Աւստրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ծագած դիւանագիտական լարուածութեան զարգացման հետեւանքով, Թուրքիա խորհրդակցութեան նպատակով իր մօտ կանչած է Վիէննայի իր դեսպանը: Այս կապակցութեամբ Թուրքիոյ արտգործնախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, պատճառաբանելով դեսպան կանչելը, նշած է, որ Աւստրիան վերածուած է Եւրոպայի մէջ հակաիսլամական կենդրոնի:

Չաւուշօղլու դժգոհութիւն յայտնած է այն փաստի առթիւ, որ Աւստրիոյ մէջ արգելուած էր Թուրքիոյ աջակցող խաղաղ ցոյց իրականացնելը, եւ աւելի ուշ «Քուրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK) կազմակերպած ցոյցը Վիէննայի մէջ թոյլատրուած էր:

Նշենք նաեւ, որ անցեալ շաբաթ Վիէննայի օդակայանին մէջ «Kronen Zeitung» թերթի կողմէ տեղադրուած էր հետեւեալ հակաթուրքական յայտարարութիւնը. «Դուք գիտէի՞ք, որ Թուրքիան կ'արտօնէ սեռական յարաբերութիւններ ունենալ 15 տարին չամբողջացուցած երեխայի հետ»: Թուրքիան խիստ արձագանգ ցուցաբերած էր այս կապակցութեամբ, որուն ի պատասխան Աւստրիոյ արտգործնախարարութիւնը վկայակոչած էր մամուլի ազատութեան սկզբունքը: