Թուրքիան մերժած է Իրանի՝ թուրք-իրաքեան յարաբերութիւններուն մէջ միջնորդի դեր ստանձնելու առաջարկը: Իրանի միջնորդութեան առաջարկը մեկնաբանած է Իրանի մէջ Թուքիոյ դեսպան Ռըզա Հաքան Թեքինը: Ինչպէս կը յայտնէ թրքական «Doğan» լրատուական գործակալութիւնը, դեսպանը նշած է, որ Անգարայի եւ Պաղտատի կապերը չեն խզուած ու երրորդ երկրի միջնորդութեան կարիք չկայ:
Ըստ թուրք դիւանագետի՝ Թուրքիան դէմ չէ տարածաշրջանի մէջ կայունութեան հաստատման ուղղուած Իրանի ջանքերուն, սակայն Իրաքը, ինչպւս եւ Իրանը, Թուրքիոյ հարեւան երկիր է, որու հետ յարաբերութիւնները կը շարունակուին, հակառակ եղած խնդիրներուն:
«Իրաքի հետ հաղորդակցութեան խնդիր չկայ: Իրաքի գերատեսչութիւններու հետ որքան ալ բարդ խնդիրներ ունեցած ենք, երբեք երկխօսութիւնը չէ խզուած: Այս իսկ պատճառով երրորդ երկրի միջնորդութեան կարիք չկայ»,-նշած է դեսպանը: