Թրքական «Իմարէթ 24» կայքէջի հրապարակած «Տիրիլիշ Փոսթասը» կոչուող պարբերականի առաջին էջին վրայ դրուած սոյն քարտէզը ոչ մէկ գաղտնիք չի պահեր թրքական նոր ծաւալապաշտական նկրտումներու ախորժակին մասին,առիթաւորուելով՝ վերջինիս Սուրիոյ մէջ ստեղծած պատերազմէն:
Ստորեւ նոր քարտէզին մէջ ներառուած են անջատ առ անջատ Թուրքիոյ բոլոր հարեւան երկիրներու տարածաշրջաններ՝ Սուրիա, Իրաք, Պարսկաստան, Պուլկարիա, Յունաստան, Վրաստան, Հայաստան եւ Նախիջեւանը:
Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն Թուրքիան ոչ մէկ ճիգ չի խնայեց հիւիսիսային Սուրիոյ հողաշերտի քրտաբնակ տարածաշրջանները միջամտութեան փորձերը ու այլ նաեւ ներկայի անմիջական ռազմական միջամտութիւնները:
Վերջերս շատ ալ յստակ է Թուրքիոյ Մուսուլի(Իրաք) միջամտութեան փորձերը պատճառաբանելով նախ 350 ՔՄ տարածութեան պատկանելի ունեցող սահմանի «անվտանգութիւնը» ընդդէմ այսպէս կոչուած «Իսլամական պետութեան» վտանգէն որ Թուրքիան կը հանդիսանայ հիմնական հովանաւորողը յիշեալ ահաբեկչական խմբաւորումին եւ ոչ միայն այլ եւ ուրիշ տարբեր ծայրահեղական խմբաւորումներուն, իրենց մատակարարելով ցանկացած առարկայական եւ ռազմական օժանդակութիւններ: Երկրորդ որ Մուսուլի փոքրամասնութիւններէն՝ թիւրքմէնները համարելով իրեն պատկանող անմիջական ցեղախումբ:
Քարտէզին ոչ մէկ մանրամասնութիւն ունի բայց կարմիր գոյնով ներառուած Պաթումի նաւահանգիստը (Վրաստան), հողաշերտ մը Հայաստանէն ու նաեւ գերեւարուած Նախիջեւանէն, որ նոյնպէս շահագրգռած է, որ տեղ ունեցած է այսպէս կոչուած Թուրքիոյ զանգուածային ծաւալապաշտական երազներուն մէջ:
Ս. Տէկիրմէնճեան
Շուէտ