image

Թուրքիա կը խանգարէ Սուրիոյ ճգնաժամի քաղաքական լուծումը. Ասատի խորհրդական

Թուրքիա կը խանգարէ Սուրիոյ ճգնաժամի քաղաքական լուծումը. Ասատի խորհրդական

Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապան միջազգային օրէնքի խախտում համարած է Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ իրականացուցած գործողութիւնները:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին համաձայն, Շաապան համարած է, որ Թուրքոյ գործողութիւնները կը խանգարեն Սուրիոյ ճգնաժամի քաղաքական լուծումը, շեշտելով, որ Թուրքիա աջակցութիւն ցուցաբերեց Սուրիա մուտք գործող ահաբեկիչներուն, այնուհետեւ, երբ հասկցաւ, թէ անոնք պարտութիւն կը կրեն, միջազգային օրէնքի խախտմամբ մուտք գործեց Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններ:

Շաապան կոչ ուղղած է ՄԱԿ-ին դատապարտել Թուրքիոյ գործողութիւնները սուրիական հողերուն վրայ, միաժամանակ բարձր գնակատելով Իրանի եւ Ռուսիոյ ջանքերը, ուղղուած Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման: