Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնած են, որ Անգարա Թուրքիոյ հսկողութեան տակ գտնուող Սուրիոյ հիւսիսային շրջաին մէջ, ինչպէս նաեւ Իտլիպ քաղաքի մօտակայքը գտնուղ 9 կէտերու մէջ գաղթակայաններ պիտի կառուցէ, ուր պիտի պատսպառուի 170 հազար մարդ: Այդ մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Տիար» թերթը:
Նշենք, որ ներկայիս Թուրքիոյ եւ անոր դաշնակից՝ սուրիական ընդդիմութեան զինեալներու վերահսկողութեան տակ կը գտնուի Սուրիոյ արեւելեան շրջանէն՝ Ազազէն մինչեւ Եփրատ գետը երկարող տարածքը: