image

Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանային հատուածին պարիսպ պիտի քաշէ

Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանային հատուածին պարիսպ պիտի քաշէ

Թրքական մամուլի մէջ տեղ գտած հրապարակումներու համաձայն՝ Թուրքիան Հայաստանի եւ Իրանի հետ իր սահմանները պարսպապատելու մտադրութիւն ունի: Ներկայիս նմանատիպ պատ արդէն կը կառուցուի թուրք-սուրիական սահմանին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «T24» լրատուական կայքը, նշելով, որ ներքին քաղաքական գետնի վրայ եղող քննարկումներուն համաձայն, Թուրքիոյ Պաշտպանութեան եւ Ֆինանսներու նախարարութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ հայ-թրքական սահմանը պիտի պարսպապատուի Արտահան, Կարս եւ Իկտիիր քաղաքներու կողմէ։
Աղբիւրի համաձայն՝ Թուրքիան հարեւաններու հետ իր սահմանները կը պարսպապատէ ահաբեկչութեան եւ մաքսանենգ ճանապարհով սահմանախախտումներու դէմ պայքարի ծիրէն ներս։  

Նշենք, որ ներկայիս թուրք-սուրիական սահմանին կառուցուող պեթոնէ պատը ունի 3 մեթր բարձրութիւն եւ վերի հատվածին վրայ՝ փշալարեր կան։