image

Թուրքիա հաստատուած սուրիացի փախստականները դէպի ո՞ւր

Թուրքիա հաստատուած սուրիացի փախստականները դէպի ո՞ւր

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ իր երկիրը որոշած է սուրիական Ազազ քաղաքին մէջ 500 վրան կանգնեցնել, ուր 3 հազար գաղթականներ կրնան տեղաւորուիլ:

«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Չաւուշօլու թուիթըրեան իր էջին գրառում մը կատարած է, յայտնելով, որ Թուրքիա նախքան «Ձիթենեաց ճիւղ» գործողութիւնը Իտլիպի մէջ 700 վրան ընդգրկող երկու գաղթակայան հիմնած է, աւելցնելով, որ իր երկիրը գաղթակայաններու բնակիչներու բոլոր կարիքները կը հոգայ, ինչպէս օրինակ սնունդի, ջերուցման ու այլ կարիքներ:

 


«Անգարա» մշտապէս իր կարիքը ունեցողներու կողքը պիտի կանգնի»,- գրած է թուրք նախարարը:

Չաւուշօղլու յայտնած է նաեւ, որ իր երկիրը 3,5 միլիոն սուրիացի փախստական ընդունած է, եւ իր հողերուն վրայ 21 գաղթակայան հիմնած է, ուր 235 հազար անձ կը բնակի: