image

Թուրքիա «Գորշ գայլեր» կ'ուղարկէ Աֆրին

Թուրքիա «Գորշ գայլեր» կ'ուղարկէ Աֆրին

Աֆրինի մէջ ընթացող մարտերուն շուրջ լրատուամիջոցներու տարածած լուրերը կը հաստատեն, թէ Թուրքիա «Գորշ գայլեր» ուղարկած է Աֆրին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Սուրիոյ ընդդիմութեան վերջին յայտարարութեան համաձայն, թէեւ Թուրքիա բուռն կերպով օդային ու ցամաքային հարուածներ կը հասցնէ Աֆրին շրջանին, սակայն ան իր արձանագրած յաջողութիւններու 3 տոկոսն անգամ պիտի չկարողանար ձեռք բերել, եթէ այնտեղ ուղարկած չըլլար «Գորշ գայլեր» խմբաւորման անդամները:

Նշենք, որ «Գորշ գայլեր»ը 1960 թուականին ստեղծուած թրքական ազգայնամոլ կազմակերպութիւն է, որ ծարայեղական Ազգային շարժում կուսացութեան ռազմական թեւը կը համարուի: