Թուրքիան, երկարատեւ ընդմիջումէ ետք, Գերմանիոյ մէջ նշանակած է նոր դեսպան: Թրքական «Hurriyet» թերթի հաղորդմամբ, Ալի Քեմալ Այտըն դեսպանի պաշտօնը կը ստանձնէ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն համար բարդ ժամանակաշրջանի մը։
«Կ'ակնկալուի, որ նոր դեսպանը՝ կարճ ժամանակի ընթացքին՝ պիտի կարգաւորէ երկու երկիրներուն լարուած յարաբերութիւնները»,- յոյս յայտնած է թրքական լրատուամիջոցը: