image

Թուրքիա F-35 կործանիչներու առաջին խմբաքանակը պիտի ստանայ 2019-ին

Թուրքիա F-35 կործանիչներու առաջին խմբաքանակը պիտի ստանայ 2019-ին

Ռազմական ինքնաթիռներու ձեռք բերման նախագիծի ծրէն ներս Թուրքիան արդէն F-35 կործանիչներու առաջին խմբաքանակը պատուիրած է, որ պիտի մատակարարուի 2019-ին: «Sputnik»-ի թրքական ծառայութեան տեղեկացմամբ՝ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ղեկավար Իսմաիլ Տէմիրը: Թուրքիան պատուիրած է շուրջ 30 ռազմական ինքնաթիռ, որոնց յանձնման ժամկէտները արդէն յստակեցուած են: 

Տէմիր նշած է, որ F-35 ինքնաթիռի որոշ մասեր կ'արտադրուին Թուրքիոյ մէջ: 

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ նոյեմբեր 2016-ին յայտարարած էր, որ պատուիրուած F-35 ինքնաթիռներու առաջին խմբաքանակը Թուրքիան պիտի ստանայ ոչ թէ 2021-ին, ինչպէս նախատեսուած էր, այլ՝ 2018-ին: