Թրքական «Հիւրրիյէթ» պարբերականի սիւնակագիր Էրթուղրուլ Օզքիոք իր վերջին յօդուածին մէջ անդրադարձած է Հալէպի ազատագրումէն ետք Թուրքիոյ մէջ սկսած ջղացնցումի ալիքին, որ կ'արտայայտուի թէ՛ իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու բարձրագոչ ելոյթներուն մէջ, թէ՛ հասարակական բողոքի ցոյցերուն ու ընկերային ցանցերուն վրայ: Ինչպէս կը գրէ tert.am, թուրք ցուցարարները կը մեղադրեն Սուրիոյ բանակն ու անոր դաշնակիցները Հալէպի մէջ «խաղաղ բնակիչներուն կոտորելու» համար: Օրեր շարունակ բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպուին Իրանի եւ ՌԴ հիւպատոսութիւններու առաջ:
Թուրք սիւնակագիրը երկրորդ դէմքով դիմած է հասարակ թուրք քաղաքացիներուն ու կոչ ըրած՝ բանալ աչքերը.
«Հալէպը ինկաւ…
Եթէ հանգստացար` հիմա հարցնեմ.
Հալէպը ինկաւ, իսկ քու հայրենիքի մէջ ինկած զինուոր նահատակները ի՞նչ պիտի ըլլան: Հասեր ենք այն վիճակին, որ երկրի մէջ բացի նահատակներէ ուրիշ ոչ մէկ բանի մասին չի խօսուիր: Այս ամէնուն հիմնական պատճառն ալ Սուրիոյ պատերազմն է:
Գիտեմ, որ կեանքդ յաղթելու-պարտուելու գաղափարի վրայ կառուցած ես: Քու խնդիրդ այնտեղի մարդիկը չեն: «Ասատի յաղթելու» միտքը չես կրնար մարսել ոչ մէկ կերպ: Թող հոգիդ հանգիստ ըլլայ, եղբայր, իմացիր, որ Ասատն ալ չյաղթեց այս պատերազմին: Բայց պատերազմը արդէն աւարտի մօտ է եւ այս պատերազմի մէջ ամենապարտուածը մենք պիտի ըլլանք»: