Թուրքիա- («Ալ-Ժատիտ»-Պէյրութ)- Թուրքական դատարանը 508 տարի բանտարկութեամբ դատապարտած է դասատուի մը, մեղադրելով անոր պալատի կողմէ հիւրընկալուած երեխաներու մանկապղծութեան մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ երկրի ընդդիմութիւնը այս հարցին մէջ կը մեղադրէ պալատի հիւրընկալման տուները ղեկավարող երկու իսլամական հաստատութիւններ:
«Ժատիտ» նաեւ կը նշէ, որ թուրքական լրատուամիջոցները հաղորդած են, թէ 54 ամեայ ուսուցչի հասցէին տրուած մեղադրանքը եղած է 2012-2015-ին միջեւ 10 մանուկներու նկատմամբ սեռական բռնութիւններ կիրառելուն, տուներու մէջ, որոնք կը գործեն բարեսիրական «Ալ-Անսար» եւ «Քայըմտար» իսլամական հաստատութիւններու ղեկավարութեամբ, երկրի հարաւը գտնուող Քարաման քաղաքին մէջ:
Իր հերթին Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն խոստացած է անպատիժ չթողել ոեւէ անձ, որու մեղաւորութիւնը կը փաստուի մանկապղծութեան մէջ, սակայն միեւնոյն ժամանակ ան նշած է, որ երկու հաստատութիւններու նկատմամբ կեղծ մեղադրանքները քաղաքական շահեր կը հետապնդեն, եւ կը ձգտին աղաւաղել անոնց դիմագիծը, որոնք կը հերքեն իրենց հասցէին եղած մեղադրանքները: