Թրքական տարբեր լրատուամիջոցներ կը գրեն, որ Թուրքիոյ արտգործնախարար Մէւլուտ Չաւուշօղլու Իրանի արտգործնախարար ՝ Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, թէ 32 թուրք դիւանագէտներ, որոնք դիւանագիտական ծառայութեան մէջ կը գտնուին տարբեր երկրներու մէջ, յեղաշրջման փորձի ձախողումէն ետք հրաժարած են վերադառնալ Թուրքիա եւ փախուստի մէջ են: Չաւուշօղլու նշած է նաեւ, որ թրքական իշխանութիւնները կ'ընեն հնարաւոր ամեն բան՝ անոնց վերադարձը կազմակերպելու համար:Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքն, ոիր կարգին Haberturk կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին նշած էր, որ 162 զինուորական, որոնց մէջ կան նաեւ բարձրաստիճան սպաներ, երկրէն խոյս տուած են: Փախուստի պատճառը այն է, որ պետական պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու մէջ «մաքրման», «զտման» գործընթաց տեղի կունենայ եւ ձերբակալումները կը շարունակուին: