image

Թշնամին աշխուժացեր է․ կը կրակէ ոչ միայն դիրքերու, այլեւ թիկունքային ապահովման ուժերու ուղղութեամբ․ ՊԲ

Թշնամին աշխուժացեր է․ կը կրակէ ոչ միայն դիրքերու, այլեւ թիկունքային ապահովման ուժերու ուղղութեամբ․ ՊԲ

Վերջին շրջանին Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծի տարբեր հատուածներու վրայ կը նկատուի հակառակորդի գործողութիւններու աճ, որոնք կը դրսեւորուին ինչպէս ճարտարա-ամրաշինական մեծածաւալ աշխատանքներու, այնպէս ալ հրադադարի պահպանման խախտումներու տեսքով: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:

Յատկանշական է, որ ատրպէյճանական կողմը պարբերաբար կրակային խոցման թիրախ կ՝ընտրէ ո՛չ միայն ՊԲ առաջնային դիրքերը, այլեւ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող հայկական անձնակազմի թիկունքային ապահովման շարժական կէտերը: Մասնաւորապէս՝ ատրպէյճանական զինուժը բոլորովին վերջերս «ՍՎԴ» տիպի դիպուկահար հրացաններով կրակ բացած է ՊԲ արեւելեան (Ակնա) հատուածին վրայ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն հացի ինքնաշարժին ուղղութեամբ՝ վնասելով թափքը, իսկ 3 Մայիսի վաղ առաւօտեան, բանակի հիւսիս-արեւելեան (Մատաղիսի) հատուածին վրայ գտնուող մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ խոշոր տրամաչափի դիպուկահար զինատեսակներէ, գնդացիրներէ ու ինքնաձիգերէ արձակած է շուրջ 330 կրակոց:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ վերոնշեալ փաստին վրայ՝ միաժամանակ կոչ ընելով ատրպէյճանական կողմին ձեռնպահ մնալու իրադրութիւնը արհեստականօրէն սրելու անհեռանկար մարտավարութենէն: