image

Թրքական օդանաւային ընկերութիւն մը գնած է Թունուզի նախկին նախագահին անձնական օդանաւը

Թրքական օդանաւային ընկերութիւն մը գնած է Թունուզի նախկին նախագահին անձնական օդանաւը

AFB գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Ֆրանսայի Պորտօ քաղաքի օդակայանին մէջ տեղակայուած Թունուզի նախկին նախագահին օդանաւը վաճարուած է թրքական օդանաւային ընկերութեան մը: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ Զայն ալ-Ապիտինի օդանաւը վաճառքի դրուած էր 5 տարիէ ի վեր, իսկ հիմա ան վաճառուած է  181 միլիոն թունուզեան տինարի: 

Աղբիւրի համաձայն, օդանաւը նախկին նախագահին կողմէ օգտագործուած էր միայն մէկ անգամ. անոր վաճառումը նուազեցուցած է Թունուզի նիւթական բեռը, զոր կը վճարէր Ֆրանսային, որպէս օդանաւի տեղակայման վարձք: