ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամբ որոշած Է նախագահի աւագ խորհրդականի պաշտօնին նշանակել իր դստեր ամուսինը՝ Ճարէտ Քուշնըրը: Այս մասին կը հաղորդեն «NBC» լրատուական ցանցն ու «New York Times» թերթը:
Նշենք, որ ամերիկեան լրատուամիջոցները ենթադրած էին, որ Թրամբի 35-ամեայ փեսային պիտի յանձնուի Սպիտակ Տան աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը, սակայն Թրամբ յայտարարած Է, որ այդ պաշտօնը պիտի զբաղեցնէ Հանրապետական կուսակցութեան Ազգային կոմիտէի նախագահ Ռայնս Բրիպէս:
«Ճարէտ նախընտրական արշաւի եւ գործերու յանձնման ընթացքին ինքնզինք դրսեւորեց որպէս արժէքաւոր աշխոյժ եւ վստահելի խորհրդական, եւ ես հպարտ եմ, որ ան առաջատար դեր պիտի կատարէ իմ վարչակազմիս մէջ»,- ըստ «ԹԱՍՍ»ի՝ յայտարարած է Թրամբ: