ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամբ եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան երէկ, երեքշաբթի գիշեր ունեցած են հեռախօսազրոյց, որ Թրամբի պաշտօնը ստանձնելէն ետք կողմերու միջեւ առաջինն էր: Այս մասին կը տեղեկացնէ «dailynews»ը, նշելով, որ զրոյցը տեւողութիւնը եղած է 45 վայրկեան:
Սպիտակ Տունը այս մաիսն յայտարարութեան մէջ յայտնած է, որ զրոյցի ընթացքին Թրամբ հաստատած է իր աջակցութիւնը Թուրքիոյ, զայն անուանելով ռազմավարական գործընկեր եւ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից: Թրամբ գնահատած է նաեւ անոր պայքարը «Իսլամական Պետութիւն» կազմակերպութեան դէմ: