Անցնող օրերուն լիբանանեան մէկէ աւելի լրատուամիջոցներ բաւական մտահոգիչ տեղեկութիւններ տուած են Տահէշի կողմէ ծրագրուած ահաբեկչական յարձակումներու մասին: Ըստ այդ տեղեկութեանց, Տահէշ պատրաստած էր գործի դնել այնպիսի գործողութիւն մը, որ պիտի դառնար «լիբանանեան 11 սեպտեմբեր»: Աղբիւրները նաեւ կը հաղորդեն, որ կալանքի տակ գտնուող մէկէ աւելի րատիքալիստ բանատարկեալներ այս մասին խոստովանութիւններ ըրած են: Ըստ այդ խոստովանութիւններուն, Տահէշ պատրաստ էր խորագոյն քաոսի առաջնորդել Լիբանանը` թիրախ դարձնել «Գազինո Տիւ Լիպան»ը, Պէյրութի բազմահոծ Համրա եւ Մար Էլիաս փողոցները ու ամենավերջինը` 3 թոն պայթուցիկ նիւթերով հզօր պայթում մը «յաջողցնել» Հըզպալլա կուսակցութեան կեդրոնատեղի համարուող Պէյրութի Տահիյէ շրջանին մէջ: Աղբիւրները կը յայտնեն, որ յետ տքնաջան աշխատանքի, Տահէշի տասնեակ զինեալներ ձերբակալուած են, որուն իբրեւ նախնական արդիւնք ահաբեկիչներու կողմէ ծրագրուած քայլերը մատնուած են ձախողութեան: Յիշեցնենք, որ Տահէշի կողմէ Լիբանանի մէջ գործադրուած վերջին գործողութիւնը տեղի ունեցած էր Ալ Քահ քրիստոնէական աւանին մէջ, ուր 6 անձնասպաններ, արկեր պայթեցնելով, պատճառ դարձած էին 6 անձերու սպաննութեան: