Անգլիոյ մէջ դժգոհութիւններու ու քննադատութեան ալիք առաջացուցած է վարչապետ Թերեզա Մէյի Թուրքիա յառաջիկայ այցը: Թրքական «Ensonhaber» լրատուակայքի տեղեկացմամբ՝ մասնաւորապէս հեղինակաւոր «The Guardian» պարբերականը այս այցի առթիւ քննադատած է նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան:
Թերթը նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի ռեժիմը կը դատապարտէ բազմաթիւ լրագրողներու, պրոֆէսորներու ու ոստիկաններու, կը սպառնայ մարդու հիմնարար իրաւունքներուն: Հաշուի առնելով բոլոր այս հանգամանքները՝ թերթը կը նշէ, որ վարչապետի յառաջիկայ այցը Թուրքիա դէմ է Անգլիոյ լիպերալ սկզբունքներուն:
Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյը Թուրքիա պիտի մեկնի շաբաթ օր՝ 28 յունուարին: Աւելի վաղ ձեռք բերուած տեղեկութեան համաձայն՝ Թուրքիոյ մէջ Մէյը հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Էրտողանի եւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ: Հանդիպումներու ընթացքին պիտի քննարկուին տնտեսական, պաշտպանական, առողջապահական եւ անվտանգութեան ոլորտներուն վերաբերող հարցեր: