image

Տահէշ դէպի Մոսկուա՞

Տահէշ  դէպի Մոսկուա՞

Տահէշ մտադիր է ահաբեկչական գրոհներ կատարել  Ռուսիոյ մէջ:  Այս մասին «Իսլամական  պետութիւն»ը  յայտարարութիւն    կատարեց    հեռատեսիլային ալիքին   վրայ  տեղադրուած    տեսերիզի մը միջոցաւ: Տեսերիզին մէջ  երեւցող իսլամիստ զինեալը, որուն վերջին  նախադասութիւնները   հնչած են ռուսերէնով   կոչ  ըրած  է, իրենց խմբաւորման  բոլոր անդամներուն, որ հարուածներ կատարեն Ռուսիոյ եւ յատկապէս  Մոսկուայի  մէջ:    Խօսողը  իր խօսքը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին  ուղղելով   ըսած է.  «Ձեր տունը պիտի գանք եւ     պիտի հարուածենք ձեզ յանուն Ալլահին»:  Յիշեցնենք, որ այս առաջին անգամը  չէ, որ   Տահէշ նման սպառնալիքներով  հանդէս կու  գայ: