image

Սուրիոյ շուկաներուն մէջ «խնդրայարոյց» ապրանքատեսակներ յայտնուած են

Սուրիոյ շուկաներուն մէջ «խնդրայարոյց» ապրանքատեսակներ յայտնուած են

Սուրիոյ Ներքին առեւտուրի եւ սպառողի իրաւունքներու պաշտպանութեան նախարարութեան ենթակայ սպառողի իրաւունքներու պաշտպանութեան վարչութիւնը սոյն տարուան յունուար ամսուան ընթացքին մատակարարման ոլորտին մէջ 74 խախտում գրանցած է, որոնք կը վերաբերին ապօրինի կերպով կամ անյայտ աղբիւրներէ ներմուծուած ապրանքատեսակներու: Այս մասին կը յայտնէ «Syrian Days» լրատուական կայքը:

Սպառողի իրաւունքներու պաշտպանութեան վարչութեան հաւաստմամբ, նախագահին հրահանգով առաւել պիտի խստանայ շուկաներու հսկումն ու համապատասխան միջոցներ պիտի ձեռնարկուին օրինազանցները խստագոյն պատիժի ենթարկելու նպատակով: