Սուրիոյ մէջ մարտնչող կողմերու միջեւ հաշտեցման ռուսական կեդրոնին փոխանցած եւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան համաձայն՝ «Սուրիոյ Համա նահանգին մէջ պայքարող 10 ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներ եւս ստորագրած են զինադադարին միանալու համապատասխան համաձայնագրեր», այսպիսով զինադադարի համաձայնագրին միացող զինեալ խմբաւորումներու թիւը կը հասնի 104-ի:
Ըստ խախտումներ գրանցող ռուս-թրքական յատուկ յանձնախումբին, ռուսական կողմը գրանցած է զինադադարի ռեժիմի խախտման 15 դէպք, իսկ թրքական կողմը՝ 21 դէպք: Նշուած է նաեւ, որ զինադադարի համաձայնագրի կնքման օրէն ի վեր մօտ 1.3 թոն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկուած է դէպի Լաթաքիա եւ Հալէպ:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ մէջ զինադադար յայտարարելու համաձայնագիրը կնքուած էր նախորդ տարուան 29 Դեկտեմբերին՝ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ, եւ ուժի մէջ մտած էր 30 Դեկտեմբերին: Զինադադարը վերահսկելու եւ խախտումները գրանցելու պարտականութիւնն ստանձնած էին Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը: