image

Սուրիոյ մէջ սեռափոխութեան աննախադէպ երեւոյթ (Լուսանկար)

Սուրիոյ մէջ սեռափոխութեան աննախադէպ երեւոյթ (Լուսանկար)

Սուրիոյ մէջ նախադէպը չունեցող երեւոյթ մը տեղի ունեցած է, երբ սուրիացի աղջիկ մը երկրի քաղաքացիական դատարանէն արտօնութիւն ստացած է իր սեռը փոխելու եւ տղամարդ դառնալու համար:

Արտօնութեան մէջ դատարանը հրահանգած է Դամասկոսի պետական գրանցումներու բաժնի գլխաւոր տնօրէնին համապատասխան միջոցներ ձեռնարկելով փոփոխութեան ընթարկել խնդրոյ առարկայ անձին բոլոր անհատական տուեալները:

Նշենք, որ սեռափոխութեան դիմում ներկայացնող սուրիացի աղջիկը 37 տարեկան է: Վերջինիս արտաքինին մէջ աստիճանաբար, առանց վիրահատութեան կամ հորմոնային ներարկումներու, տեղի ունեցած են փոփոխութիւններ, ինչպիսին է օրինակ ձայնի կոշտացումը, որմէ ետք բժիշկներու դիմելէ եւ համապատասխան քննութիւններ կատարելէ ետք անոր խորհուրդ տուած են սեռափոխութիւն կատարել: