«Ռուսիոյ նախագահը զգաց, որ Դամասկոսի վարչակարգը սկսած է խարխլիլ եւ իրավիճակին աւելի ծանրացումը կանխելու համար ուղղակիօրէն միջամտեց Սուրիական պատերազմին մէջ»,- «Արեւելք»ին նման կարծիք յայտնեց ՍԴՀԿ Լիբանանի վարիչ մարմնի ատենապետ Ալեքսան Քէօշկէրեան: Անոր կարծիքով «Գետնի վրայ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ, իրավիճակը սկսած էր դուրս գալ Պաշշար Ասատի հսկողութենէն եւ անցնիլ Իրանցիներուն ձեռքը , որոնք արդէն սկսած են հանդէս գալ, որպէս առնչակից եւ կը բանակցին, առանց Սուրիոյ վարչակարգին հաշիւ տալու, մինչեւ իսկ՝ երբեմն հակադրուելով անոր հետ»: Ըստ Քէօշկէրեանի իրանեան դերի աճին մեծագոյն ապացոյցը վերջերս Զապատանի եւ Իտլիպի մէջ եղող երեք շիիթ գիւղերուն շուրջ եղած բանակցութիւններն էին: Իրանցիներուն ներկայութիւնը նաեւ զօրացուց շիիթ համայնքի ներկայութիւնը ի հաշիւ ալեւիներուն մանաւանդ ծովեզերիայ ալեւիական շրջաններուն մէջ, ուր շիիթ կրօնականներ քարոզչական աշխատանք կը տանին»: Հնչակեան պատասխանատուին կարծիքով, այդ երեւոյթը կը նեղացնէ Պաշշար Ասատը եւ վարչակարգին դաշնակից սիւննիները: «Այս բոլորին դիմաց Ռուսաստանի Դաշնութիւնը, տեսնելով Իրանի յառաջացած բեռը, որոշած է դառնալ գործունեայ դերակատար, մանաւանդ գալիք օրերուն, երբ պիտի սկսին խաղաղութեան բանակցութիւնները»: Քէօշկէրեան նաեւ նշեց, որ «Ռուսաստանի այս որոշումին պատճառներէն մէկը, թրքական գործօնի սրընթաց աճն է, որ շատ մեծ պատմական մտահոգութիւն ըլլալէ բացի, դարձած է բարդոյթ մը Ռուսաստանի համար: Թուրքիոյ հսկողութեան տակ գտնուող Տարտանելի եւ Վոսփորի նեղուցները, որոնց փակումը Ռուսաստանին դիմաց, կը նշանակէ կայսրութեան կղզիացումը եւ մեկուսացումը ցուրտ հիւսիսի տարածքին մէջ»: Մեր խօսակիցը նաեւ ըսաւ, որ «Ռուսաստան կառչած չէ Պաշշար Ասատէն» եւ այս յայտարարութիւնը մենք լսեցինք քանի մը անգամ, ռուսական տարբեր բարձրաստիճան աղբիւրներէ, հետեւաբար ուրիշ շատ մը պատճառներու կողքին, կը կարծեմ որ «կայսեր» փնտռածը Միջերկրականի ափին ռազմակայան մըն է (յատկապէս Թարթուսի մէջ), ուր կը գտնուի ռուսական նաւատորմը եւ ամուր ներկայութիւն մը, որպէսզի ամրապնդէ իր դիրքերը եւ ամուր դերով հանդէս գայ յառաջիկայ օրերուն»: