Ոչ ոք իրաւունք ունի պնդելու, որ Սուրիոյ մէջ պայքար մղող քիւրտ զինեալները անմիջական կապ չունին Թուրքիոյ մէջ գործող զինեալ քիւրտերուն հետ: Այս մասին, «Ռոյթըրզ»ի փոխանցմամբ, յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը, այն բանէն ետք, երբ ԱՄՆ զինուած ուժերը թուիթերեան գրառումով մը հերքած էին այդ կապի գոյութիւնը:
Անգարայի մէջ տեղի ունեցած նիստի ընթացքին Էրտողան ըսած է. «Այն արիւնարբուները, որոնք երէկ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման դրօշին տակ կը կռուէին, այսօր Դեմոկրատական Միութիւն կուսակցութեան եւ Քիւրտ Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Միաւորներու անունով հանդէս կու գան: Ոչ ոք իրաւունք ունի պնդելու, որ անոնք «PKK»ի հետ անմիջական կապ չունին»:
Նշենք, որ Թուրքիա ԱՄՆ-ի հովանաւորութիւնը վայելող Քիւրտ Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Միաւորները իր դէմ աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր դաւադրութիւններ կազմակերպող «PKK»ի մէկ մասնիկը կը համարէ: