«Յառաջիկայ 13 Ապրիլին Սուրիոյ մէջ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւնները անպայման պիտի կայանան»,- «Արեւելք»ին յայտնեց Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէիսեան: Ռէիսեան նաեւ ըսաւ, թէ ինք ի շարս այլոց, նոյնպէս թեկնածու է յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին Հալէպէն այլ հայ թեկնածուներու անուններու վերաբերեալ, Ռէիսեան նշեց, որ այս պահուն այդ մասին խօսիլը ճիշդ չի համարեր եւ յառաջիկայ օրերուն աւելի յստակ պիտի դառնան Հալէպի հայ թեկնածուներուն անունները: Ան նաեւ ըսաւ, որ Սուրիոյ հանրապետութեան օրէնսդրութեան համաձայն, որեւէ սահմանափակում չկայ, թէ սուրիական խորհրդարանին մէջ քանի հայ երեսփոխաններ կրնան ընտրուիլ: Ռէիսեան, որ նշեց, թէ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներուն թիւը կը բաղկանայ 250 ներկայացուցիչներէ, նաեւ ընդգծեց, որ յառաջիկայ օրերը կարեւոր պիտի ըլլան այն իմաստով, որ համայնքին մէջ ընդհանուր համաձայնութեան մը ուրուանկարը պիտի յստականայ եւ պարզ դառնայ, թէ որոնք են Հալէպը ներկայացնող հայ թեկնածուներուն անունները: Ռէիսեան, պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին, թէ արդեօք ինք յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի ներկայանա՞յ որպէս ՀՅԴ-ի թեկնածու ըսաւ, թէ այս պահուն այդ մէկը տակաւին վճռուած չէ եւ յառաջիկայ օրերուն այդ խնդիրը աւելի յստակ ձեւով պիտի ներկայացուի հանրութեան: Զրոյցի աւարտին Ռէիսեան նշեց, որ Հալէպը այսօր կը գտնուի համեմատաբար շատ աւելի խաղաղ եւ տանելի պայմաններու մէջ: Ան, անդրադառնալով ռուսական ուժերու վերջին օրերուն Սուրիայէն հեռանալու որոշմանը, նշեց, որ այդ մէկը ներքին քաղաքական «խոհանոց»ին մաս կազմող որոշում մըն է, որ կապ ունի քաղաքական գործընթացներուն եւ ընդհանուր համաձայնութիւններուն հետ: