Ըստ Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին, Սուրիոյ բանակի զինուորները այսօր յաջողած են Թատմոր (Փալմիրա) պատմական քաղաք մտնել: Նշենք, որ անցնող օրերուն ծանր մարտեր տեղի կ'ունենային շրջանին մէջ: Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին, բանակը յաջողած էր անցնող ժամերուն նախ գրաւել Թար լեռան հատուածը եւ ներկայիս կը գտնուի Թատմոր քաղաքէն մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը մայիս 2015-ին գրաւելով քաղաքը անմարդկային արարքներ գործած էր ու պատմական աւերակներու շրջանին մէջ սպաննած հարիւրաւոր զինուորներ եւ քաղաքացիներ: