image

Սուրիոյ բանակի հետախուզական մարմինները հասած են Տումա (Լուսանկար)

Սուրիոյ բանակի հետախուզական մարմինները հասած են Տումա (Լուսանկար)

Ինչպէս անցեալին տեղի ունեցաւ Իտլիպի մէջ, Սուրիոյ բանակի հետախուզական մարմիններն այսօր «Ճէյշ Ալ Իսլամ»ի իշխանութեան տակ գտնուող Տումայի մէջ են, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, Տումայի մէջ զինեալ ահաբեկիչներու եւ Սուրիոյ բանակին միջեւ տեղի ունեցող մարտերու դաշտէն առնուած լուսանկարներ հրապարակուած են «Ֆէյսպուք»ի էջերուն, որուն մէջ թուղթի կտորի մը վրայ նշուած է նաեւ օրուան ամսաթիվը՝ 4 մարտ:

Նման լուսանկարներու տարածումը կ'ապացուցէ Սուրիոյ հետախուզական մարմիններու կարողութիւնը զինեալներու անվտանգութեան գիծը հատելով ներթափանցելու վերջիններուս տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններ, եւ իրեն համար անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ձեռք բերելու: