image

Սուրիական կործանիչի վար առնուելէն ետք. Փակուեցաւ Իտլիպի օդային տարածքը

Սուրիական կործանիչի վար  առնուելէն ետք. Փակուեցաւ Իտլիպի  օդային  տարածքը

 Սուրիոյ կառավարութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով  յայտարարեց, որ  կը փակէ  երկրի  հիւսիս-արեւմտեան շրջաններու   օդային տարածքը։  Սուրիոյ կառավարութիւնը նաեւ նկատել տուած է,  որ    այսուհետեւ  թիրախ  պիտի  դարձնէ, բոլոր   այն   կործանիչները  կամ  օդանաւները, որոնք կը  հատեն  միջազգային համաձայնագրերով հաստատուած  օդային տարածքը։

 

Նշենք, որ    Դամասկոսի  այս  որոշումը կը հրապարակուի այն  պահուն, երբ  հաղորդուեցաւ      սուրիական բանակի  Սու-24  կործանիչի մը վար  առնուելուն լուրը։

 Կործանիչի      հարուածուելուն լուրը հաստատուեցաւ Sky News   կայանին կողմէ, որ սակայն       օդանաւուն    անձնակազմին վերաբերեալ   ոչ մէկ   տեղեկութիւն  հաղորդեց։