image

Սուրիական բանակը ուշագրաւ գործողութիւններ իրականացուցած է Հոմսի մէջ

Սուրիական բանակը ուշագրաւ գործողութիւններ իրականացուցած է Հոմսի մէջ

Արեւելեան Հոմսի արուարձաններուն մէջ, «Տահէշ»ի դէմ Սուրիական բանակի իրականացուցած ռազմական գործողութիւններու շնորհիւ, բանակը յաջողած է ընդարձակել իր  հսկողութեան տակ եղող տարածքները: Այս մասին կը յայտնէ «ՍԱՆԱ» գործակալութիւնը, նշելով, որ բանակը կրցած էր իր վերահսկողութեան տակ առնել Թատմորի ուղղութեամբ՝ նավթ փոխադրող չորրորդ կայանի արեւելեան կողմը գտնուուղ արեւելեան եւ արեւմտեան Ալ-Պայտա գիւղերը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ բանակը յաջողած է վերացնել մեծ թիւով «Տահէշ»ի անդամներ եւ ոչնչացնել անոնց գոծիքները, մինչ տասնեակ ահաբեկիչներ փախուստի դիմած են դէպի խոր անապատը:

Գործակալութիւնը կը նշէ նաեւ, որ բանակի ստորաբաժանումները այնուհետեւ իրենց գործողութիւնները շարունակած են Թատմորի հիւսիս արեւմտաեն արուարձանի՝ «Ալ-Մահր» նավթի դաշտի ուղղութեամբ, ուր եւս մեծ վնսաներու մատնած են ահաբեկչական կազմակերպութիւնը: