Ստորեւ իր շահեկանութեան համար մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ եպս.Նալպանտեանի Հայաստան-Սփիւռք 6 -րդ համաժողովին սուրիահայութեան հիմնահարցերու քննարկման նիստին ընթացքին ներկայացուցած խօսքը:
Սուրիոյ պատերազմի բարդ կացութիւնը, զինուրորակ եւ ռազմական գործողութեանց անյուսընկալ վերիվայրումները, միջազգային եւ տեղական բեմահարթակի վրայ վրայ հնչող ըրբեմն յուսադրիչ եւ երբեմն յուսալքող հակասական լուրերը, ինչպէս նաեւ ներքին տնտեսական եւ կենցաղային տարաբնոյթ դժուարութիւններն ու յատկապէս կեանքի անվտանգութեան գոյութիւնը, օրէ օր սատսկացող եւ մեղմացող ռմբակոծումները, աշխատանքի եւ առօրեայ հացի ապահովութեան դժուարութիւնները եւ ապագայի ոչ յուսադրիչ հեռանկարը .... միշտ մարտահրաւէրի եւ մտահոգութեան անմխիթար վիճակի մէջ կը ձգեն Սուրիոյ բնակչութիւնը:
Այս նոյն վիճակին մէջ կ'ապրի եւ այս նոյն վիճակով մտահոգ է Սուրիահայը: Միջազգային քաղաքականութեան քննարկումներու ծիրէն ներս Սուրիոյ տագնապի լուծման ոեւէ մէկ շօշափելի հեռանկար մը կայ, ըլլայ ան մեծ թէ փոքր տիրութիւններու եւ կամ նոյնիսկ տեղական՝ Սուրիոյ մակարդակներուն վրայ: Սուրիոյ մէջ ապահովական վիճակը դեռեւս կը մնայ ծանր: Սուրիոյ բանակին յառաջխաղացումը եւ արձանագրած նորանոր յաջողութիւնները, զոր նաեւ ազատագրում անուանումով կը բնութագրուին, պահ մը ապհովութեան վերականգնումին արշալոյսի մը լուսաւորթիւն կը ներշնչեն, սակայն այնումենայնիւ դեռեւս կը յապաղի լիիրաւ ապահովութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելէ:
Դժուարին այս բովէն եւ քանդիչ ու կործանիչ կրակարանէն անցնելով հանդերձ Սուրիահայութիւն կրցաւ դիմանալ, գոյատեւել, տոկալ, յուսալ .... յաճախ նաեւ բարձր եւ դժուարին գին վճարելով նահատակներու կորուստով, առեւանգումներուվ, եկեղեցիներու, դպրոցներու, բնակարաններու եւ ազգային կառոյցներու քանդումով: Այստեղ հարկ կը համարեմ երախտագիտական ամենախորին զգացումներս արտայայտել համահայկական զօրակցութեանց եւ բարոյական ու նիւթական օժանդակութըանց, առանց անոնց անկարելի պիտի ըլլար Սուրիահայուն գոյատեւումը անցնող արդէն վեց տարիներուն ընթացքին: Համահայկական օժանդակութեանց, դրամահաւաքի, զօրակցութեանց տարբեր արտայայտչամիջոցներէն առաջ եւ անկէ անդին պէտք է անտեսուի նոյնինքն Սուրիահայութեան ներոյժը: Սուրիոյ հայութիւնը այսօր կը գոյատեւէ եւ գործէ նաեւ եւ մանաւանդ իր իսկ ջիգերով եւ եւ մեծ զոհողութիւններու գնով: Ուստի թոյլ տուէք այստեղ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել ամէն մէկ Սուրիահային եւ խոնարհիլ իր կրած զոհողութիւններուն եւ մաքառող արիութեան առջեւ: Այսօր հայկական վարժարանները կը վերանորոգուին, ուսաումնական տարին վերաբացուած է, միութենական մշակութային, հոգեւոր եւ կրթական կեանքի առուակը կը շարունակէ իր հունը: Ես կրնամ միայն հպարտ զգալ այսպիսի քաջարի ժողովուրդի մը Առաջնորդը ըլլալու:
Ահաւասիկ այս դիտանկիւնէն պէտք է մեկնին մեր գնահատականներն ու վերլուծութիւնները եւ ըստ այնմ կշիռքի նժարին վրայ դրուին ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ մանաւանդ վերականգնումի տեսլականին ծրագրաւորումն ու իրագործումը: Ուստի թոյլ տուէք կատարել քանի մը դիտարկումներ:
* * * * * * * * * * * * * * *
Սուրիահայութեան ճգնաժամը պէտք չէ դիտել եւ ընդունիլ համահայկական եւ հայաստանեան խնդիրները լուծելու պաետհ առիթ, եւ մանաւանդ (որ աւելի վտանգաւոր է) այս խնդիրները լուծել Սուրիահայութեան հաշւոյն: (Իմա՝ ներգաղթ, Հայաստանին մէջ առեւտուրի կամ բիզնեսի ...)
Սուրիոյ խնդրին եւ Սուրիոյ մէջ ապրող հայ ժողովուրդին ցաւին, մտահոգութեան, մաքառումին, պայքարին, պահպանման, օժանդակութեան եւ վերականգնումին պէտք է մօտենալ լիիրաւ յարգանքով: Կը բաւէ միայն հետեւիլ հայրենի եւ սփիւռքեան մամուլին: Կամ աւելի տարածում գտած համացանցային էջերուն մէջ տեղ գտած՝ տեղի եւ անտեղի անպատասխանատու անհատական մեկնաբանութիւններուն, առաջարկներուն եւ գնահատականներուն, որոնք կը պղտօրէն Սուրիահայուն հոգին:
Սուրիոյ հայ գաղութին վերականգնումը արդ դարձած է ազգային անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն:
Այսօր կամայ թէ ակամայ Սուրիահայութեան վերականգնումը պէտք է տեսնել իր երկու բեւեռներուն վրայ: Այսինքն՝ Սուրիոյ մէջ եւ Սուրիայէն դուրս:
Ա. Բեւեռ: Սուրիոյ մէջ վերականգնումը պէտք է ըլլայ երկոււ մակարդակներու վրայ.
Այստեղ կարելի չէ եւ ընդունելի չէ առաջինը երկրորդէն գերադասել եւ կամ թերագնահատել: Անիմաստ է նաեւ փնտռել այս մէկին կամ միւսին առաւել կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը: Պարզապէս պէտք է ընդունիլ, որ երկուքն ալ իրար հետ անքակտելիօրէն շաղախուած եւ շաղկապուած են, եւ մէկը առանց միւսին չի կրնար ապահովել ամբողջական եւ մնայուն վերականգնումը: Ուստի կրնանք առաջնահերթութիւնները ճշդել եւ որոշել, սակայն վերականգնումը պէտք է պէտք է ըլլայ երկու հարթակներուն վրայ եւ զուգահեռաբար:
Բ. Բեւեռ: Սուրիայէն դուրս, Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ այլեւս Սուրիահայը, երբեմն իբրեւ անձ, երբեմն իբրեւ փախստական, ապաստանեալ, կարօտեալ ..... իրական ներկայութիւն մըն է:
Եզրակացութիւն
Վերոյիշեալ դիտարկումներն ընելով ուզեցի վեր հանել այն իրականութիւնը որուն առջեւ կեցած է Սուրիահայը: Իրականութիւն զոր իր ազդեցութիւնը կը պարտադրէ Սուրիահայութեան վերականգնումի տեսիլքին: Ինչպէս ըսի վերականգնումը այսօր անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն մըն է: Սակայն վերականգնումը միայն քարեղէն շէնքի վերանորոգում եւ վերակառուցումը եւ պէտք չէ միայն այդ ըլլայ: Վերականգնումը եթէ համազգային եւ համահայկական հրամայական է ապա այն պէտք է ըլլայ նաեւ իրական, մարդակերտումի, արժէկերտումի եւ ազգային գաղափարախօսութեան վերականգնում:
Երբ աջէն ձախէն կը հնչեն ամպակորկոր յայտարարութիւններ ու կոչեր, թէ «ալ կը բաւէ մնաք պատերազմական սպառնալիքին ու վտանգին մէջ ելէք Սուրիայէն, գաղթեցէք» եւ կամ «Սուրիոյ մէջ այլեւս հայը ապագայ չունի» կամ «ձգեցէք գացէք Հայաստան» եւ այլն եւ այլն կը նշանակէ թէ մենք չենք կրցած հասկնալ յարգել Սուրիահայը իր ցաւին եւ իր գոյամարտին մէջ: Ո՞վ պիտի ըլլայ վճռորոշ եւ ճակատագրական այսպիսի որոշումին ՏԷՐԸ: Հայաստանի Պետութի՞ւնը: Եկեղեցի՞ն: Կուսակցական կամ ազգային կառոյցնե՞րը: ..... Միակ որոշողը պիտի ըլլայ ... ուզենք թէ չուզենք .... միայն ինքը ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԸ:
Ի՞նչն է մեզի յոյս ներշնչողը: .... Հայուն ապրելու եւ գոյատեւելու ինքնութիւնը: Դեռեւս հարիւր տարիներ առաջ ալ ապագայի հեռանկարը չկար մահուան անխուսափելիութեամբ ծանրաբեռնուած Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Տէր Զօրի անապատ հասած սովալլուկ հայուն սրտին մէջ: Անոնք գոյութենական վերապրելու ոեւէ մէկ յոյս ունէին, սակայն այսօր հայ իրականութեան եւ Հայաստանի պանծալի հայաշունչ եւ հայաբոյր գաղութներէն մէկն է: Ան այսօր առաւել եւս կարիքն ու համահայկական ճիգերու, համազգային օժանդակութեան եւ նեցուկին: Վերականգնումին իրականացման յանձնառու Սուրիահայը Ձեր եւ մեր բոլորին բարոյական եւ նիւթական ու շարունակական ակրիքն ունի:
Արդարեւ այս հանգրուանին Սուրիահայ գաղութին մահավճիռը կնքելու պահը չէ, .... այլ անոր վերկանգնումին պահն է: Վերականգնումին զանգը արդէն իսկ հնչած է: Սուրիահայութիւնը, հակառակ իր կրած կորուստներուն, դեռեւս Սուրիոյ մէջ ներկայութիւն է եւ կը շարունակէ ապրիլ եւ գործել իր ազգային, միութենական, կրթական, եկեղեցական հաստատութիւններով:
Սուրիայէն դուրս ապաստան գտած կամ ապաստան գտնելու եւ հաստատուելու տրամադիր սուրիահայուն օժանդակելն ու նեցուկ կանգնիլը, ինչքան ալ անհրաժեշտ հրամայական եւ ազգային գիտակցութեան պարտականութիւն ըլլայ, սակայն պէտք է գիտնալ որ այդ Սուրիահայութեան վերականգնումը չէ: Սուրիոյ հայ գաղութին վերականգնումը, պահպանումը իրականութիւն կրնայ դառնալ միայն Սուրիոյ մէջ:
Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի
Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդի
Երեւան 19 Սեպտեմբեր 2017