Լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ կիրակի օր, ֆրանսական Քալէ քաղաքի տխրահռչակ «Անտառ» հիւղաւանի բնակիչները անկարգութիւններ կատարած են եւ քննադատած ֆրանսական կառավարութեան նախապատրաստութիւնները՝ Ֆրանսայի հիւսիսը գտնուող լայնածաւալ հիւղաւանը փակելու դէմ:
Ֆրանսական BFMTV հեռուստակայանի պատկերահանումներէն հնարաւոր էր տեսնել մի քանի տասնեակ մարդիկ, որոնք քարեր կը նետէին ոստիկանութեան վրայ: Իշխանութիւնները անոնց պատասխանած են արցունքաբեր կազով:
Ֆրանսան, երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ, կ′ուզէ փակել այս հիւղաւանը, որ կը պատսպարէ մօտ 6500 գաղթական, եւ անոր բնակիչները պիտի տեղափոխուին երկրի տարբեր մասերու պաշտօնական հիւղաւաններ: