image

Սուիրոյ եւ Իրաքի մէջ «Տահէշ»ի դէմ Միջազգային Դաշնութեան գործողութիւններուն զոհ գացած է 173 քաղաքացի

Սուիրոյ եւ Իրաքի մէջ «Տահէշ»ի դէմ Միջազգային  Դաշնութեան գործողութիւններուն զոհ գացած է 173 քաղաքացի

ԱՄՆ զինուած ուժերու հրամանատարութիւնը յայտնած է, որ հակառակ քաղաքացիներուն վնաս չհասցնելու բոլոր ջանքերուն, 2014 թուականէն ի վեր Միջազգային  Դաշնութեան ուժերուն Սուիրոյ եւ Իրաքի մէջ «Տահէշ»ի դէմ իրացործած ռազմական գործողութիւններուն զոհ գացած է 173 քաղաքացի: Այս մասին կը տեղեկանանք «RT Arabic»էն:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ յիշեալ քաղաքացիներէն 54-ը զոհուած են սոյն թուականի Մարտի 31-ի եւ Հոկտեմբերի 22-ի միջեւ: