Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Սթէֆան Տէ Միսթուրա յայտարարութիւն մը ընելով յոյս յայտնած է, թէ Ժընեւի բանակցութիւններուն մասնկացող կողմերուն մօտ իսկական կամք կը ցուցաբերուի շարունակելու այս բանակցութիւնները: Դիւանագէտը նաեւ ըսած է, որ կարգ մը կողմեր երեւելի ճիգ կը տանին խանգարելու համար բանակցութիւնները:Տէ Միսթուրա նաեւ ըսած է, որ եթէ զգացուի, որ կողմերը պատրաստ չեն լրջօրէն մասնկացիլ այս բանակցութիւններուն ապա իրենք սուրիական հարցը պիտի տանի ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդ: