image

Ստեփանակերտի մէջ մրցակցութիւն է. ԱՀ պատգամաւոր

Ստեփանակերտի մէջ մրցակցութիւն է. ԱՀ պատգամաւոր

Ստեփանակերտի մէջ նախընտրական մթնոլորտ է: Քաղաքապետի պաշտօնի համար պայքարող 5 թեկնածուներու միջեւ բաւական թէժ մրցակցութիւն կ'ընթանայ: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդգէս Բաղրեանը:

«Քարոզարշաւը սկսած է: Գիտէք, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 8 սեպտեմբերին: Կը կարծեմ, որ թէժ պայքար կը սպասուի»,- ըսած է ան:

Պատգամաւորի խօսքով՝ ՏԻՄ օրէնքի համաձայն ընտրութիւնները պիտի անցնին մէկ փուլով, բացարձակ մեծամասնութիւն ունեցող անձը պիտի ընտրուի մայրաքաղաքի քաղաքապետ: Բաղրեանը նշած է, որ թեկնածուները կարծես նաեւ պիտի  բանավիճին, անոնցմէ մէկը առաջարկած է բանավիճիլ:

Նշենք, որ Ստեփանակերտի մէջ 8 սեպտեմբերին կայանալիք քաղաքապետի ընտրութիւններուն առաջադրուած է 5 թեկնածու: Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ անոնցմէ չորսը անկուսակցական են ու ինքնաառաջադրուած։

Թեկնածուներն են՝

Արայիկ Աւանէսեան, որ առաջադրուած է «Ինքնութիւն եւ միասնութիւն» կուսակցութենէն,

Արմէն Յակոբեան, որ Ստեփանակերտի քաղաքապետի տեղակալն է,

Գրիգորի Սահակեան, որ չաշխատիր,

Դաւիթ Սարգսեան, որ «Ճեներալ Կրուփ» ՍՊԸ-ի գործադիր տնօրէնն է,

Արեգ Աւագեան՝  «Արցախկազ» ՓԲԸ-ի  ԳՀՇԾ պետ։